2014-12-05 13:24:51

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը` Թրէնթոյի ''ընտանիքի'' նուիրուած փառատօնին


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 5 դեկտեմբերին, Իտալիոյ Թրէնթօ քաղաքի ''Ռիվա Տէլ Կարտա'' շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ընտանիքի նուիրուած 3-րդ փառատօնը՝ կազմակերպութեամբ շրջանի քաղաքական պատասխանատուներուն եւ Թրէնթոյի քաղաքապետարանին։
Փառատօնի խորագիրն է ''բանուորուհիներ, բարօրութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում''։
Փառատօնի բացման արարողութեան առթիւ, Թրէնթօ թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Լուիճի Պրէսսան ներկաներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնած է իր երախտագիտութիւնը փառատօնը կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր մասնակիցներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձած է ընկերային եւ եկեղեցական հասարակութենէ ներս ընտանիքի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին, ընդգծելով, թէ մարդկութեան ապագան կը կառուցուի ընտանիքին միջոցաւ։ Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը ակնարկած է ընտանիքի իրաւունքներուն եւ իւրայատուկ առաքելութեան մասին՝ ընտանիքի անդամներուն ծառայութեան նկատմամբ,
կարեւոր նկատելով ընտանիքի ներդրումը հասարակաց կեանքէն ներս։
Անդրադառնալով բանուորուհիներու աշխատանքի մասին, ֆրանչիսկոս Պապը թելադրած է թէ՝ տնտեսական պահանջքի պատճառաւ կինը պէտք չէ որ ամբողջովին լուծուի դժուար եւ ծանր աշխատանքներու, պէտք է նկատի առնուին անոր ընտանեկան պարտականութիւնները որոնք անհրաժեշտ են ընկերային կեանքին եւ անոր ապագայի՝ կերտումին։
ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին աւարտին մաղթանք յայտնած է որ ընտանիքի նուիրուած փառատօնը պտղաբեր հանդիսանայ, ապա՝ ապահովեցնելով իր աղօթքը, բոլորին շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնը, ի նշան աջակցութեան, բոլոր ծրագիրներուն որոնք կը նպաստեն ընտքանիքին՝ որ է ու կը մնայ կենսական բջիջը ընկերային կեանքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.